Date
Յօդուածներ
Պոլթըն. «Իսրայէլ Պէտք Է Օգոստոս 21էն Առաջ Յարձակի Իրանի Հիւլակայանին Վրայ»
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Պոլթըն Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանի Պուշեհր հիւլէակայանը հարուածելու մինչեւ Օգոստոս 21 ժամանակ ունի: Իրան հիւլէակայանի հնոցը բանեցնելու համար այդ թուականին Ռուսիայէն հիւլէական վառելանիւթ պիտի ստանայ։
Ըստ Թուրք Դեսպանին, Թուրքիա Եւ Ռուսիա Ռազմավարական Գործակցութեան Ճամբու Վրայ Են
Ռուսիոյ մօտ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Այտըն Սեզկին Մոսկուայի մէջ հաւատարմագրուած թրքական լրատուական գործակալութեանց ներկայացուցիչներուն հետ Ուրբաթ, Օգոստոս 27ին ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա «յառաջ կ՛ընթանան ռազմավարական համագործակցութեան ուղղութեամբ»:
Կիւլ Ընդունած Է Տինքի Սպանութեան Մէջ Թուրքիոյ Իշխանութեանց Պատասխանատուութիւնը
Պաշտօնական այցով Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ առաջին անգամ ըլլալով ընդունած է Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ պետութեան պատասխանատուութիւնը, նշելով, թէ անհրաժեշտ կանխարգելիչ միջոցառումներ չեն իրականացուած անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ըստ թրքական «Վաթան» թերթին, Թուրքիոյ նախագահը ըսած է
Ամերիկա Վրաստանի Մէջ Հակաօդային Համակարգեր Պիտի Տեղադրէ՞
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները զարմացած չէ, որ Ռուսիան կ՛ուզէ Աբխազիոյ մէջ հակօդային «Էս-300» համակարգեր տեղադրել։
Ծփացող Հանրակառքեր
Չինաստանի տնտեսական աճին ընկերակցող ինքնաշարժներու թիւին աճը ոչ աւանդական լուծումներու պարտադրանքին տակ դրած է Չինաստանի փոխադրական մարզի պատասխանատուները, որոնք յղած են ինքնաշարժներու վրայէն անցնող, սակայն զանոնք չճզմող փոխադրակառքերու ցանց մը մէջտեղ բերելու գաղափարը:

